ՄԱՆՈՒԵԼ “Գաղտնի Սեր“

Գաղտնի Սէր Թող չիմանան, որ քեզ գաղտնի կը սիրեմ, Եւ ամէն օր ես քու ճամբիդ կը սպասեմ. Թո՛ղ իմ սիրտը յաւէտ տանջուի քո սիրով, Բայց չիմանան, որ քեզ գաղտնի կը սիրեմ։ Արդեօք ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ես քեզ կը սիրեմ. Իմ աշնան մէջ ինչո՞ւ գարուն կ՚երազեմ, Գուցէ յաւէտ երազ մնայ իմ սէրը, Բայց չիմանան, որ քեզ վաղուց կը սիրեմ։ Բայց իմացիր, երբ իմ կեանքի խոր ձմրան, Յաւէտ լռեմ, երազներս չքանան, Յաւերժութեան մէջ քեզ նորէն կը սպասեմ, Թող այն ատեն միայն մարդիկ իմանան։ Խօսք եւ Երաժ. Ս.Էսմէրեանի
Back to Top